2016-09-03 08:30:00

Աղքատէն Ամենաաղքատին Հետ` Քալքութայի Մայր Թերեզան


Մայր Թէրեզան՝ քաղաքացիական անունով Ագնէս Գօնքսա Բօժաքսհին, ծնած է ալպանացի կաթողիկէ ընտանիքի մը մէջ։ Հայրը Նիքոլան (Քոլան) Փրիցրէնէն էր, 1900 թուականէն սկսեալ կ՛ապրէր Սկոփժէի մէջ (այն ժամանակուայ Յուսկուփ), այսօրուայ Մակեդոնիոյ մայրաքաղաքը։ Նախ դեղագործ էր, յետոյ անցաւ շինարարական աշխատանքի, աւելի ուշ՝ մտաւ աշխատանքի բարեկամի մը հաստատութեան մէջ։ Մայրը՝ Դրանան, տասնվեց տարեկան էր երբ ամուսնացաւ եւ ամուսինէն տասնութ տարի փոքր էր։ 1905 թուականին ծնաւ առաջին աղջիկ զաւակը՝ Ագան, երեք տարի վերջ եղբայրը՝ Լազարը։ Իսկ երկու տարի անց, 26 Օգոստոս, 1910-ին ծնաւ Ագնէսը։

Այդ տարիներուն Սքոփժէն ունէր 47,000 բնակչութիւն՝ մեծամասնութեամբ իսլամներ։ Հոն կ'ապրէր նաեւ օրթոտոքս մեծ եւ կաթողիկէ փոքր համայնք մը, նկատի ունենալով որ կաթողիկէները քիչ էին թիւով, սակայն կազմակերպուած էին եւ համոզուած՝ իրենց ինքնութեան։ Պալգանեան պատերազմէն առաջ Մակեդոնիոյ այսօրուայ մայրաքաղաքը կը պատկանէր Օսմանեան Կայսրութեան, որ ետքը ինկաւ սերպերու տիրապետութեան տակ։

Վարդարանը միշտ Մայր Թէրեզային ձեռքը կը տեսնէին։ Անոր բարեպաշտութեան պատճառը մայրն էր՝ Դրանան, որ ամէն առտու պզտիկներուն առտուայ պատարագին կը տանէր, իսկ երեկոյեան միասին Վարդարան կ'աղօթէին։ Փոքրիկ Ագնէսը իր ընտանիքին մէջ սորված էր նաեւ հաւատքի ամբողջական տարողութիւնը, իր մայրը միշտ կ'այցելէր աղքատներն եւ հիւանդները։ Ընտանիքը բարեկեցիկ կեանքով կ'ապրէր, մինչեւ որ հօր մահը՝ քառասունվեց տարեկանին։ Հայրը իր գործէն զատ, կը սիրէր քաղաքականութեամբ զբաղիլ, պետական խորհուրդի անդամ էր եւ կը պաշտպանէր ալպանացիներուն իրաւունքները։ 1919 թուականին, Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած ժողովէ մը՝ ան վերադարձաւ սուր ցաւերով, անմիջապէս փոխադրուեցաւ Սկոփժէի հիւանդանոցը, ուր եւ քանի մը ժամ անց մահացաւ։ Որդին՝ Լազարը, համոզուած էր, որ հայրը թունաւորած էին իր քաղաքական կեցուածքներուն պատճառով։

Հօր մահէն ետք ընտանիքի տնտեսական վիճակը վատթարացաւ։ Մայրը ստիպուած էր ծանր աշխատանքով ոտքի պահել ընտանիքը։ Ագնէս մօր համաձայնութեամբ, տասնութ տարեկանին, հեռացաւ ընտանիքէն եւ մտաւ Քոյրերու Լորեթթոյի վանքը որպէս Քոյր Թէրեզա՝ իր կեանքը միսիոնարութեան նուիրելու։ 1934 թուականին, մայրն ու քոյրը Սքորփժէէն՝ Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանա փոխադրուեցաւ եւ Ագնէս երբեք չտեսաւ զանոնք։ Համայնավար Ալպանիան, բազմաթիւ քաղաքացիական պատերազմներու եւ վերիվայրումներու պատճառաւ, արգելք կը հանդիսանար եւ կը խոչընդոտէր Քոյր Թէրեզայի ճամբորդութիւնը։

Սկոփժէն ոչ միայն կենսաբանական առումով Քոյր Թէրեզայի ծննդավայն էր, այլեւ իր հոգեւոր կոչումին օրրանը։ 1922 թուականին, Ագնէս տասներկու տարեկան էր, երբ առաջին անգամ լսեց Հնդկաստանի մէջ խրուաթիացի Յիսուսեան վարդապետներու ծառայութեան մասին։ Այդ օրուընէ սկսեալ երիտասարդ աղջնակին մէջ փափաք արթնցաւ որպէս միսիոնար Հնդկաստան երթալ։ Ինք եւ քոյրը կը պատկանէին Մարիամեան միաբանութեան համայնքի մը, որ Յիսուսեաններու Սիրտ Յիսուսի միաբաններուն կողմէ կ՛առաջնորդուէր։ Տարիներ շարունակ Մարիամեան, Յիսուսեան, Յիսուսի Սրտի Միաբանութեան այս հոգեւորութիւնը դրոշմուած մնաց Մայր Թէրեզայի սրտին մէջ։

                        Յիսուսեան հոգեւորութեամբ խիստ շեշտուած Տապլինի Լորեթթոյի վանքը՝ մայրապետներ կը պատրաստէր դէպի Հնդկաստան միւսիոնարութեան ղրկելու համար։ Միաբանութիւնը հիմնուած էր 1822թ. Ռաթֆարնհամի մէջ, Ֆրանսէ Մարի-Թէրեզ Պոլլի (1794-1861) կողմէ, որպէս Մարիա Վարդի իրլանտական մասնաճիւղ։

1928 թուականի վերջաւորութեան, որպէս նորընծայ մայրապետ Քոյր Թէրեզան հաստատուեցաւ Հնդկաստանի՝ Լորեթթոյի վանքին մէջ, սորվեցաւ պենկալերէն եւ քիչ մըն ալ հինտուերէն։ Անգամ մը հնդիկ լրագրողուհի մը ըսած էր Մայր Թէրեզային.

- ՙՄայր Թէրեզա, դուք բնիկ հնդիկ չէք, այլ հնդկական քաղաքացիութիւն ստացած անձ մը՚։

-ՙԵս քեզմէ շատ աւելի հնդիկ եմ՚, պատասխանած է ան, որովհետեւ ես որոշում առած եմ հնդիկ ըլլալ, իսկ դուն՝ բնաւ չես ունեցած ընտրելու հնարաւորութիւն՚։

 

Քաղուած` Լէօ Մաասպուրկի հայերէն թարգմանուած ''Մայր Թերեզա` անձնական դիմանկար մը'' գիրքէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.